2013-11-23 08:34:17

Մխիթար Աբբահայր վեց նոր զաւակ ունեցաւ` Անձնուէր կեանքով պիտի փորձեն մշտավար ջահի ձեթն ապահովել, ''ի հոգեւոր օգուտ եւ ի լուսաւորութիւն Ազգին Հայոց''։


RealAudioMP3
Հինգշաբթի 21 Նոյեմբեր Վենետիկ քաղաքը մեծ շուքով կը տօնէ իր ամէնասիրած եւ կարեւոր տօներէն մին՝ Աստուածամօր Ընծայումը, որ միաժամանակ բժշկութեան Salute-ի տօնն է, երբ բազում ուխտաւորներ լիայոյս կը վազեն երկրպագելու Շնորհքնրու Տիրամօր սրբապատկերին, վառելով իրենց ուխտի մոմը եւ շնորհակալութեան եւ կամ խնդրանքի աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ Աստուածամօր միջնորդութեամբ:
Սուրբ Ղազարի, Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքի եկեղեցւոյ զանգակներն ալ հանգիստ ու դադար չունեցան հնչելէ, ոչ միայն այդ յատուկ տօնին համար, այլ որովհետեւ այս օրը Մխիթարի տան համար մեծ ուրախութեան առիթ դարձաւ, քանի որ, վեց երիտասարդներ, հաւաքուած աշխարհի տարբեր անկիւններէ, իրենց կեանքը ընծայեցին Աստուծոյ եւ Ազգին, կրօնաւորական սքեմը ընդունելով, որով առաջին քայելերը՝ «Նորընծայութիւն»ը սկսան, աշխարհէն անջատման խորհուրդով, հետեւելով Մխիթար Աբբահօր քայլերուն, եւ այդ ուղիով, Տիրամօր որդեգրութեամբ, ծառայելու Հայ Ազգի սրբութեան եւ լուսաւորութեան համար, միմիայն ի փառս Աստուծոյ:
Հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի աւարտին, որ մատուցանեց Գերաշնորհ Հ. Եղիա Վարդապետ, Մխիթարեան Միաբանութեան Ընդհանրական Աբբահայրը, տեղի ունեցաւ Նորընծայութեան արարողութիւնը: Թեկնածուները, որ Ս. Զոհին հաղորդուած էին, իրենց դաստիարակի ընկերակցութեամբ ներկայացան Աբբահօր, եւ քղանցքն ու աջը համբուրելով ծնրադրեցին Ս. Յովհաննէս Կարապետի խորանի առջեւ:
Շարական ու խունկ, քարոզ ու աղօթք առ Աստուած բարձրացան, նորընծայ եղբայրներու համար շնորհք եւ առաքինի վարք հայցելով երկնաւոր Հօրմէ:
Կրօնաւորական արտաքին նշանները՝ սեւ սքեմն ու կաշուէ գօտին յատուկ աղօթքներով օրհնուեցան Ս. Սեղանի վրայ, եւ ապա դաս բերուեցան:
Յուզիչ էր պահը, երբ երիտասարդները իրենց բաճկոնները հանեցին, նշանակելով իրենց հրաժարումը աշխարհէն, եւ զգեստաւորուեցան կրօնաւորական սուրբ սքեմով, իրենց մէջքին կապելով կաշուէ գօտին, ինչպէս որ աւետարանին մէջ կ՚ըսուի Կարապետին համար:
Ինչպիսի զուգահեռներ կարելի է անցնել այս նուիրումին եւ օրուան խորհուրդին՝ Ընծայման տօնին միջեւ: Աստուծոյ նուիրումն է ընդհանրականը, սակայն մնացածը արտաքին նմանութիւններ են միայն, որովհետեւ ո՞վ կը համարձակի համեմատուիլ Աստուածամօր նուիրումին ամբողջականութեան, վերջնականութեան, անթերիութեան եւ անվերապահութեան...
Վառուած մոմեր ալ տրուեցան իւրաքանչիւրին, ինչպէս մկրտութեան աւազանէն վերածնուաներուն, հետեւեալ աղօթքով. «Ընդունէ՛, եղբայր, Քրիստոսի լոյսը՝ որպէս նշան քու անմահութեանդ, որպէսզի աշխարհին մեռնելով՝ Աստուծոյ մէջ կենդանի ըլլաս: Ե՛լ մեռելներէն, եւ Քրիստոս թող քեզի լուսաւորէ»: Այս լոյսն է որ կրօնաւորը պիտի սփռէ իր շուրջ, իրեն հանդիպողներուն, իր խորհուրդը հարցնողներուն եւ իրեն մօտեցողներուն: Նա իր անձի օրինակով պիտի վարակէ բոլորին՝ շահելով զիրենք Քրիստոսի սիրոյն:
Հին Կտակարանի եւ Նորի ընթերցուածներէն ետք, Աւետարանի խօսքը հնչեց, Մատթէոսի ԺԱ գլուխի 25-30 համարը, ուր Քրիստոս կը հրաւիրէ Իր լուծը տանելու, եւ Իրմէ սորվելու հեզ ու խոնարհ ըլլալ: Այս խօսքերուն վրայ Աբբահայրը յորդորական խօսքերով քաջալերեց նուիրեալները անվեհեր ու անյողդողդ նետուելու այս սրբազան մարտի ասպարէզը, մեծ կրօնաւորներու օրինակով կոխելու չար վիշապի գլուխը եւ երկրի վրայ հայելացնելու երկնաւոր կեանքի գեղեցկութիւնը:
Արարողութեան աւարտին, Սուրբ Հոգիի եօթնարփեան շնորհները խնդրելով բոլոր նուիրեալներուն վրայ, ներկաները գոհաբանական աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ Մխիթարի տան պարգեւեց այս մեծ ուրախութիւնը: Միաժամանակ, Աբբահայրը իւրաքանչիւր թեկնածուին կոչեց իր նոր անունով, նշանակելով անոնց նոր կեանքի սկիզբը եւ նոր առաքելութեան յանձնարարումը:
Այս սրտառուչ արարողութեան ներկայ էին զանազան առաքելավայրերէ ժամանած միաբանակից հայրեր, Վենետիկի հայ համայնքը, ինչպէս նաեւ միաբանութեան հայ թէ օտար բարեկամներ, որոնք եղբայրական սիրոյ սեղանի շուրջ հաւաքուած՝ բարեմաղթանքներ եւ շնորհաւորանքներ փոխանցեցին միաբանութեան, նորընծաներուն ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն:
Անպատմելի է ուրախութիւնը, որ Մխիթար Աբբահայր վեց նոր զաւակ ունեցաւ, որոնք իր քայլերուն հետեւելով, անձնուէր կեանքով պիտի փորձեն իրենց կարքին մշտավառ ջահի ձեթն ապահովել, «ի հոգեւոր օգուտ եւ ի լուսաւորութիւն Ազգին մերոյ Հայկազնոյ»:
Միաբանութեան բոլոր հայրերն ու եղբայները սրտանց կը մաղթեն եւ կ՚աղօթէն իրենց նոր եղբայրակիցներուն համար, խնդրելով Աստուծոյ օրհնութիւնն ու հովանին, Մխիթար Աբբահօր բարեխօսութիւնը եւ Սեւանի «Եղիցի»ի Տիրամօր պաշտպանութիւնը:

Եղ. Գէորգ Սարգսեան








All the contents on this site are copyrighted ©.